2008-11-26 08:45:48

Ծիսական ժամանակացոյցը Չորեքշաբթի`նոյեմբեր 26, Բ Յիսնակաց, Պահքի օր է։


Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն

Միշտ պատրաստ եղէք - Պետրոս ըսաւ Տէր, մեզի համա՞ր ըսիր այդ առակը, թէ ամէնուն համար։ Տէրը ըսաւ Ո՞վ է այն հաւատարիմ եւ իմաստուն տնտեսը, զոր տէրը՝ վերակացու կարգած է իր գերդաստանին վրայ, որպէսզի ժամը-ժամին կերակուրները տայ անոնց։ Երանի՜ այն ծառային, զոր եկած ատեն՝ այդպէս ըրած կը գտնէ իր տէրը։ Ճշմարիտ կըսեմ ձեզի, որ տնտես պիտի կարգէ զինք իր բոլոր ինչքերուն վրայ։ Իսկ եթէ այդ ծառան՝ իր մտքէն ըսէ, թէ (Քանի որ) ա՛լ կ՛ուշանայ իմ տէրս, (ուրեմն) ծեծել սկսի ծառաներն ու աղախինները, (եթէ) ուտէ, խմէ եւ գինովնայ, այնպիսի՛ օր մը պիտի գայ այդ ծառային տէրը, երբ չէր սպասեր եւ ժամու մը, որ մտքէ՛ն չէր անցներ, պիտի ընդմիջէ (անոր գործը) եւ անհաւատ (ըստրուկ)ներուն դասակից պիտի դարձնէ զինք։ Արդ, շատ ծեծ պիտի ուտէ այն ծառան, որ իր տիրոջ կամքըգ իտնալով (հանդերձ)՝ չի պատրաստեր անոր կամքին համաձայն։ Մինչ քիչ ծեծ պիտի ուտէ ան, որ չգիտնալով (իր տիրոջ կամքը), ծեծի արժանի գործ մը կ՛ընէ։ Որուն շատ տրուած է՝ շատ պիտի պահանջուի անկէ եւ որուն շատ բան աւանդուած է՝ դե՛ռ աւելին պիտի պահանջուի անկէ։

Ս. Աստուածածնայ շարականէն

Յիսիայի արմատէն բուսած, ով անթառամ ծաղիկ, անդատապարտելի շարաւիղ, Եսայի մարգարէն քեզ կանխաւ ծանոյց թէ ընդունած ես Ս. Հոգւոյ եօթնափեան պարգեւները, քեզ կը մեծարենք իբրեւ Աստուածածին եւ Կոյս։








All the contents on this site are copyrighted ©.